Հայաստանի օլիմպիական հաւաքականի անդամ, հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեան մասնակցած է Օլիմպիական խաղերու կրակին փոխանցումավազքին:
Ան Փարիզ-2024-ի ջահով վազած է Ֆրանսիոյ հիւսիսը գտնուող Օ դը Սեն երկրամասին Վիլեր Կոտրեն համայնքին մէջ:
«Չեմ կրնար բառերով փոխանցիլ այդ զգացումները: Մարմինդ ամբողջապէս կը փշաքաղուի այդ պահին: Հրաշալի էր կազմակերպուած ամէն ինչ, գերվարպետօրէն: Շատ տպաւորուած եմ», – «Արմենպրես»-ին հետ զրոյցը ըսած է Կարապետեան:
Վերջինիս խօսքով` Ֆրանսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունն իր անմիջական մասնակցութիւնն է ունեցած կազմակերպչական հարցերու մէջ եւ օգնած է Կարապետեանին մասը դառնալու օլիմպիական գաղափարախօսութեան կարեւոր մասը յանդիսացող փոխանցումավազքին:
