Անտրանիկ Աբրահամեան՝ Radio Arménie-ի ուղիղ եթերը

  • by Editbeglari, December 24, 2024 in Լուրեր
421 դիտում

https://www.facebook.com/100063770761485/videos/601302539088801

Ծանրամարտիկ Անտրանիկ Աբրահամեան վերջերս հանդես  եկած է Radio Arménie-ի ուղիղ եթերը, որտեղ պատմած է իր սպորտային ուղիին եւ ձեռքբերումներու մասին։ Կը ներկայացունք անոր խօսքը.

«Իմ պատմութիւնս կը սկսուի ընտանիքէնվ: Իմ պապիկս նոյնպէս կը զբաղուէր սպորտով, իսկ իմ հայրս մեզի փոքր տարիքէն սովրցուցած սպորտային կարգապահութեան կարեւորութիւնը՝ միշտ ընդգծելով ֆիզիկական շարժումներու նշանակութիւնը։ Մինչեւ լիցեյ ընդունուիլը ես սկսեցայ հետաքրքրուիլ մարմնամարզութեամբ, իսկ դպրոցի մէջ սկսեցայ զբաղուիլ ծանրամարտով։

Սկիզբէն աս պարզապէս հետաքրքրութիւն էր, բայց ետք զգացի, թէ ինչպէս կը զարգանայ իմ մարմինս եւ հոգին՝ շնորհիվ մարզումներու։

Ծանրամարտը որպէս սպորտաձեւ ինծի գրաւեց յատկապէս Օլիմպիական խաղերը դիտելիս։ Աս ան մարզաձեւերէն է, որը համեմատաբար քիչ կը լուսաբանուի մեդիաներու վրայ, եւ մարդիկը յաճախ չեն պատկերցնէր ատոր կարեւորութիւնը։ 

Առաջին հայացքէն աս մարզաձեւը կրպայ թուալ պարզ, բայց իրականը ան կը պահանջէ մեծ ջանքեր եւ տրամաբանութիւն։

Ես կը զբաղուիմ ծանրամարտով արդեն չորս տարի՝ որպէս մրցակցային սպորտաձեւ։ Սկիզբը կը զբաղուէի ոյժային մարզումներով, սակայն ծանրամարտը կ՚առանձնանայ իր իւրայատուկ շարժումներով եւ մոտեցումներով։ Աս մարզաձեւը թոյթ կու տայ ոչ միայն ֆիզիկապէս ոյժեղնալ, այլեւ զարգացնիլ հոգեկան կայունութիւնը։

Ծանրամարտի յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ ոչ միայն մկանային, այլեւ նյարդային համակարգի ամրապնդման մէջ։ Պետք է սովրիլ յաղթայարիլ ծանրութիւնները, ճիշտ օգտագործիլ ֆիզիկական ոյժը, եւ ամէնէն կարեւորը՝ զարգացնիլ դիմացկունութիւնը։

Այսօր ես կը մասնակցեմ ծանրամարտի մրցաշարերը մինչեւ 67 կգ քաշային կարգի մէջ։ Օրական կը կշռուեմ 69-69.5 կգ, իսկ մրցաշարերէն առաջ պետք է ճիշտ պլանաւորեմ իմ սնունդս եւ մարզումներս՝ անհրաժեշտ քաշի հասնելու համար։ Մարզումները ոչ միայն ֆիզիկական ոյժի զարգացում են, այլեւ ներքին կարգապահութեան, նպատակասլացութեան եւ տոկունութեան վկայութիւն։

Աս պատմութիւնն ինծի համար ոչ միայն սպորտի մասին է, այլեւ կեանքի։ Ծանրամարտի միջոցով ես բացայայտած եմ, թէ ինչպէս կարելի է զարգացնիլ մարդու ներքին եւ արտաքին կարողութիւնները՝ համատեղելով կարգապահութիւնն ու ոյժը»։

Անտրանիկ Աբրահամեան նշած է, որ մեծ հպարտութեամբ կը ներկայացնէ «Հայ Ճամբայ» մարզադպրոցը՝ իր ելոյթներու ատեն կրելով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշով սպորտային համազգեստ։

Western Armenia TV կը շնորհաւորէ երիտասարդ մարզիկը եւ կը մաղթէ նօրանոր յաղթանակներ: