Անդրանիկ Աբրահամեանը յաղթանակ տարած է Ֆրանսայի բարձրակարգ ծանրամարտի աղմկալի առաջնութեան մէջ

  • by Editbeglari, June 16, 2025 in Լուրեր
401 դիտում

Դիւնկէրք, Ֆրանսա – 2025 թ․ Յունիս 14–15

Ֆրանսայի Ծանրամարտի Ֆետերասիոնի կողմէ կազմակերպուած «Championnat de France Élite Séniors 2025» առաջնութիւնը տեղի ունեցաւ Դիւնկէրքի Stade de Flandres մարզադաշտին մէջ՝ համախմբելով երկրի լաւագոյն ծանրորդները։ Մրցումը այս տարի ունէր նաեւ յոբելենական բովանդակութիւն՝ նշուեցաւ Ռոզենտալի ծանրամարտի 100-ամեակը (1925–2025)։

Մրցաշարը առանձնացաւ հզօր մասնակցութիւններով, իսկ ամենանշանակալի լուրը դարձաւ մեր հայրենակից՝ Անդրանիկ Աբրահամեանի փայլուն յաղթանակը։ Ան, ներկայացնելով Athlétic Club Saint Marcellin ակումբը, մասնակցեցաւ 67 քկ քաշային կարգին եւ ընդհանուրին մէջ բարձրացուց 250 քկ՝ արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ ու շահելով ոսկէ մետալ, այսպիսով հասնելով Ֆրանսայի ախոյեանի տիտղոսին նախատեսուած պատուոյ հարթակի գագաթնակէտին:

Անդրանիկ Աբրահամեանի ելոյթը արժանացաւ բարձր գնահատանքի՝ թէ՛ մասնագէտներուն, եւ թէ հանդիսատեսին կողմէ։

Շնորհաւորութիւններ Անդրանիկ Աբրահամեանին՝ այս յաղթանակին առթիւ։ Նոր յաջողութիւններու մաղթանքներ միջազգային մրցահարթակներուն վրայ։