Աջակցութիւն՝ պարալողորդ մարզիկ Գարիկ Միքայէլեանին 

  • by Editbeglari, August 04, 2026 in Լուրեր
71 դիտում

Հանրութեան կոչ կ’ուղղուի աջակցելու պարալողորդ Գարիկ Միքայէլեանին, որ զինուորական ծառայութեան ընթացքին կորսնցուցած է իր երկու ձեռքերը, սակայն կը շարունակէ պայքարիլ՝ Հայաստանը ներկայացնելու եւ 2028 թուականի Լոս Անճելըսի պարալողի խաղերու ուղեգիր նուաճելու համար։

Սեպտեմբեր 7-12 կայանալիք Եւրոպայի պարալողի ախոյեանութեան մասնակցելու համար անհրաժեշտ է հաւաքել 5000 եւրօ։ Այս պահուն հաւաքուած է 1000 եւրօ, իսկ դեռ անհրաժեշտ է 4000 եւրօ։ Իւրաքանչիւր նուիրատուութիւն կրնայ վճռորոշ նշանակութիւն ունենալ երիտասարդ մարզիկին ճանապարհին։

Ցանկացած տեղեկութեան կամ այս նախաձեռնութեան մասնակցելու համար կրնաք կապ հաստատել Ալինա Վարդանեանի հետ` 

(WhatsApp) +33 6 26 24 75 12։