Ատամներով պահելու եմ արցախեան կիոկուշինը. մեր դռները բաց են Արցախն ընդունողներու առջեւ. Արմէն Պետրոսեան 

  • by Editbeglari, August 10, 2024 in Լուրեր
340 դիտում

2023 թուականի Սեպտեմբերէն ետք, երբ Արցախին մէջ ատրպէյճանական ցեղասպանութեան ու էթնիկ զտման սպառնալիքին տակ արցախահայերը բռնի տեղահանուեցան իրենց բնօրրանէն ու տեղափոխուեցան Հայաստան, Արմեն Պետրոսեան որոշեց, որ Հայստանին մէջ եւս պետք է շարունակի իր առաքելութիւնը՝ արցախցի պատանիներուն ու երիտասարդներուն սովորեցնէ համառ կիոկուշին մարզաձեւը, ինչպէս տարիներ շարունակ կը սովրցնէր Արցախին մէջ։

Արցախին մէջ Արմեն Պետրոսեան զբաղեցուցած է Կրթութեան նախարարութեան արտադպրոցական ծրագրերու բաժնի վարիչին պաշտոնը եւ 15 տարի աշխատած է Արցախի հանրապետական մանկապատանեկան մարզադպրոցին մէջ՝ որպէս կիոկուշին կարատէի մարզիչ, ուստի Հայաստանին մէջ ալ որոշեց մէկ հարկի տակ հաւաքիլ պատանիներուն ու երիտասարդներուն։

Արդեն 10 ամիսէն աւելի է՝ կը գործէ Արցախի կիոկուշին կարատէի «Վերադարձ» մարզական ակումբը։

Անուանումը պատահական չէ, քանի որ այդ մարզաձեւը սովորող ու ատոր հմտութիւններուն տիրապետող ցանկացած ոք պետք է ունենայ Արցախ վերադառնալու նպատակ։

168.am–ին հետ զրոյցը Արմէն Պետրոսեան պատմեց, որ մարզական ակումբը սկսած է գործիլ ու քանի մը մրցոյթներ անցկցնիլ «Լոյս» հիմնադրամին շնորհիվ, որու հետ համագործակցութեան 10-ամսեա պայմանագիր է ստորագրած։

«Մենք արդեն ունինք երկու թիմ՝ 71 աշակերտ. 64 հոգին Արցախէն են, 7 աշակերտ ալ՝ Երեւանէն։ Նպատակներ կան Սեպտեմբերէն աւելցնիլ խումբերու քանակը, որպեսզի ատորով ե՛ւ աշխատանք ունենամ, ե՛ւ անանկ ընեմ, որ արցախցի մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն համախմբուած պահեմ, որտեղ կպահպանուի նաեւ բարբառը»,- նշեց  զրուցակիցը։