Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու չորս երիտասարդ մարզիկներ Հայաստանը պիտի ներկայացնեն 2026 թուականի IMMAF-ի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան, որ Օգոստոս 16-23 պիտի կայանայ Ապու Տապիի մէջ։
Կարէն Արզումանեան, Տիգրան Գասպարեան, Սամուէլ Աւետիսեան եւ Էրիկ Հայրապետեան Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմելով մասնակցելու իրաւունք ստացած են՝ իրենց տարիքային եւ քաշային խումբերուն մէջ արձանագրելով բարձր արդիւնքներ։
Մարզիկներուն մասնակցութիւնը միջազգային ախոյեանութեան հնարաւորութիւն կու տայ Արցախէն տեղահանուած երիտասարդներուն ոչ միայն շարունակելու իրենց մարզական ուղին, այլեւ միջազգային հարթակին վրայ ներկայացնելու Հայաստանը։
