Հոկտեմբեր 2-ին Հայերու ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելեց Արժանթինի Հանրապետութեան սենաթորներէ եւ պատգամաւորներէ կազմուած պատուիրակութիւն մը՝ ՀՀ-ի մէջ Արժանթինի դեսպան Ռաֆայէլ Էնրիքէ Կոնսալէս Ալեմանի ուղեկցութեամբ։
Այցի ընթացքին պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայերու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Արժանթինցի խորհրդարանականները շրջայց կատարեցին Հայերու ցեղասպանութեան թանգարանի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն մէջ՝ ծանօթանալով ցեղասպանութեան պատմութեան, հայ ժողովուրդի մարդկային եւ մշակութային կորուստներուն ու պատմական յիշողութեան պահպանման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն։
Այցի աւարտին պատուիրակութեան անդամները գրառում կատարեցին Հայերու ցեղասպանութեան թանգարանի Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։
