Արցախի մէջ տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն, եւ մենք՝ գիտնականներս, չենք կրնար լռել. Արման Խաչատրեան

  • by Editbeglari, March 14, 2026 in Արմէնոսիդ
139 դիտում

Հայերու ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող Արման Խաչատրեան շեշտեց, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է, եւ այդ մասին գիտնականները իրենց գիտութեան եւ խղճի թելադրանքով չեն կրնար լռել։

Ան նշեց, թէ նման յանցագործութիւններու անտեսումը կամ ժխտումը ոչ միայն կը խոչընդոտէ պատմական ճշմարտութեան պահպանման, այլեւ վտանգ կը ստեղծէ մարդկային իրաւունքներուն համար։ Խաչատրեան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան եւ գիտական շրջանակներուն՝ փաստերը հիմնաւորուած ներկայացնելու եւ խօսելու Արցախի հայերուն նկատմամբ գործուած մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն մասին։