ԳԴՀ Պունտեսթակի ԵՄ հարցերու յանձնաժողովի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր 

  • by Editbeglari, September 15, 2026 in Արմէնոսիդ
83 դիտում

ԳԴՀ Պունտեսթակի Եւրոպական Միութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անտոն Հոֆրայթերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ ԱԺ-ի Եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Յարութիւն Յարութիւնեանի ուղեկցութեամբ, Սեպտեմբեր 15-ին այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։

Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ ու ծաղիկներ դրած են Հայերու Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգած են Սուրբ Նահատակներու յիշատակը։

Հիւրերը եղած են Ցեղասպանութեան թանգարան-հաստատութեան մէջ, ծանօթացած են 20-րդ դարու արհաւիրքը հաստատող վաւերագրերուն եւ փաստաթուղթերուն։