Զուիցերիոյ փոխնախագահ, արտաքին գործոց նախարար եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Իկնասիօ Քասիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այց կատարած է Հայերու Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ազգային յուշահամալիր։
Յուշահամալիրի հաղորդմամբ՝ պատուիրակութեան ընկերակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Քրիստինա Տատարեան, Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Թոլմաճեան եւ Հայաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Անդրէա Պարպարա Պաուման։
Հիւրերը դիմաւորած եւ այցելութեան ընթացքին անոնց ընկերակցած է Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ազգային յուշահամալիրի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան՝ ներկայացնելով յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը, ճարտարապետական առանձնայատկութիւններն ու նշանակութիւնը։
