«Հայ Ճամբայ» ճամբարին մէջ տեղի ունեցած է կրակային պատրաստութիւն

  • by Editbeglari, August 14, 2026 in Լուրեր
104 դիտում

«Հայ Ճամբայ» ռազմահայրենասիրական կազմակերպութիւնը՝ Վազգէն Սիսլեանի գլխաւորութեամբ, Սեւանի ափին կազմակերպուած վրանային ճամբարին մէջ կը շարունակէ իր կրթական եւ հայրենասիրական ծրագիրը։

Ճամբարականներուն համար տեղի ունեցած է կրակային պատրաստութեան դասընթացք։ Երեխաներու առօրեան կը սկսի տողանով եւ մարմնամարզութեամբ, ապա կը մասնակցին խմբակներու, խաղերու, մարզական, ռազմահայրենասիրական եւ մշակութային ծրագիրներու։

Ճամբարը երեխաներուն կու տայ նոր գիտելիքներ ու հմտութիւններ՝ միաժամանակ զարգացնելով կարգապահութիւն, համագործակցութիւն, պատասխանատուութիւն եւ ընկերասիրութիւն։ Անոնց կը տրամադրուի նաեւ օրական երեքանգամեայ սնունդ։

Ծրագիրը կը միաւորէ ամառնային հանգիստը կրթութեան, մարզական գործունէութեան եւ հայրենասիրական դաստիարակութեան հետ։