




Ինչպէս արդէն նշուեցաւ, Շաբաթ օրը Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Երեւանի առաքելութեան մէջ տեղի ունեցած «Հայ Ճամբայ 2026»-ի ֆիլմի դիտումը ներկաներուն հնարաւորութիւն տուաւ վերադառնալու ճամբարի օրերուն եւ կրկին վերապրելու հոն ստեղծուած մթնոլորտը։
Նարինէ Յովհաննիսեանի հեղինակած ֆիլմին մէջ ամփոփուած են ճամբարի կարեւոր դրուագները՝ մասնակիցներու առօրեան, միասնական աշխատանքը, մարզական եւ ռազմահայրենասիրական պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ այն միջավայրը, ուր երիտասարդները հնարաւորութիւն ունեցան ոչ միայն նոր գիտելիքներ եւ հմտութիւններ ձեռք բերելու, այլեւ միմեանց հետ ծանօթանալու եւ ազգային ինքնութեան զգացումը ամրապնդելու։
«Հայ Ճամբայ 2026»-ը նպատակ ունէր երիտասարդներուն մէջ խթանել հայրենասիրական ոգին, պատասխանատուութեան զգացումը եւ ազգային արժէքներու նկատմամբ վերաբերմունքը։ Ճամբարի ընթացքին ձեւաւորուած կապերն ու յիշողութիւնները շարունակուեցան նաեւ անոր աւարտէն ետք։
