Սեպտեմբեր 2-ին Հնդկաստանի Հանրապետութեան Ազգային պաշտպանական քոլէճի հրամանատար Մանիշ Կումար Կուպթայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայերու Ցեղասպանութեան յուշահամալիր։
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրէս»-ը՝ Հայերու Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, հիւրերը դիմաւորած եւ այցելութեան ընթացքին անոնց ուղեկցած է ՀՑԹԻ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշճեան։
Պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ զետեղած են Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ, ապա անմար կրակին մօտ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են զոհերու յիշատակը։
Հնդկաստանէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները այցելած են նաեւ թանգարան, ծանօթացած՝ մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։
Այցելութեան աւարտին պատուիրակութեան ղեկավար Մանիշ Կումար Կուպթան գրառում մը կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։
