Հնդկաստանի ռազմական պատուիրակութիւնը այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր 

  • by WesternArmenia, October 15, 2026 in Արմէնոսիդ
123 դիտում

2026 թուականի Հոկտեմբեր 15-ին Հնդկաստանի Պաշտպանութեան կառավարման քոլէճի հրամանատար, զօրավար-մայոր Թակուր Մայանկ Սինհայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայերու Ցեղասպանութեան յուշահամալիր։

Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան ղեկավարը ծաղկեպսակ զետեղած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, իսկ պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ դրած են Յաւերժական կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով սրբադասուած նահատակներու յիշատակին։