Ամերիկացի դերասան, հայազգի Ճօ Մանկանիէլօ Հոկտեմբեր 13-ին ներկայացուցած է իր յուշագրութիւնը՝ Bloodlines («Տոհմածառ») խորագրով։ Գիրքին մէջ ան կ՚անդրադառնայ թէ՛ առողջական ծանր փորձութիւններուն, թէ՛ իր ընտանիքին պատմութեան եւ Հայերու ցեղասպանութենէն փրկուած նախնիներուն ճակատագրին։
Ընտանեկան անցեալը ուսումնասիրելով՝ դերասանը բացայայտած է իր նախնիներուն ողբերգական պատմութիւնը եւ փորձած հասկնալ, թէ պատմական ցաւն ու կորուստները ինչպէ՛ս կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ։
Մանկանիէլոյի մեծ տատը՝ Թերուիզ Տարագճեան, 1915-ին հրաշքով փրկուած է այն բանէ ետք, երբ, ըստ ընտանեկան պատմութեան, թուրքերը սպաննած են անոր ամուսինն ու ութ զաւակները։ Դերասանը բազմիցս անդրադարձած է այս ողբերգութեան, ներառեալ Finding Your Roots հեռուստահաղորդման ընթացքին։
2024-ին Ճօ Մանկանիէլօ այցելած է Հայաստան, ստորագրած Հայերու ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրի (Centre Mémoriel des victimes du génocide des Arméniens ) պատուաւոր հիւրերու մատեանին մէջ եւ եղեւնի մը տնկած Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի տարածքին։
Իր հայկական արմատներուն հանդէպ կապուածութիւնը արտայայտելով՝ դերասանը մարմնին վրայ դաջած է հայերէն «Հրեշտակ» եւ «Բախտ» բառերը։ 2026-ի Սեպտեմբերին ան միացած է COAF հիմնադրամի Ararat Circle ծրագիրին, որ կը համախմբէ Հայաստանի գիւղական համայնքներուն մէջ իրականացուող ծրագիրներուն աջակցիլ փափաքող անձերը։
Իր նոր յուշագրութեան մէջ Մանկանիէլօ ընտանեկան յիշողութիւններու ընդմէջէն կ՚անդրադառնայ ոչ միայն իր նախնիներուն ճակատագրին, այլեւ այն ժառանգութեան, որ կը շարունակէ ապրիլ յաջորդ սերունդներուն մէջ։
