Նետրլանտներու արտաքին գործոց նախարարը այցելած է Հայերու ցեղասպանութեան յուշահամալիր 

  • by WesternArmenia, October 28, 2026 in Արմէնոսիդ
105 դիտում

Հոկտեմբեր 27-ին Նետրլանտներու արտաքին գործոց նախարար Թոմ Պերենտսընի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայերու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր։

Պատուիրակութեան ընկերակցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան, Նետրլանտներու մէջ Հայաստանի դեսպան Վիկթոր Բիյագով եւ Հայաստանի մէջ Նետրլանտներու դեսպան Մարիեքէ Հարիէթ Մոնրոյ-Ուինթեր։

Հայերու ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշճեան դիմաւորած է պատուիրակութիւնը։ Թոմ Պերենտսըն ծաղկեպսակ զետեղած է յուշահամալիրին, ապա պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ դրած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին։