Չեխիայի խորհրդարանի Սենատի Ընկերային քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահ Լումիր Կանտորի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները, Աշխատանքի եւ բարեկեցութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Նազելի Բաղդասարեանի ուղեկցութեամբ, Հոկտեմբեր 7-ին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր։
Հիւրերը ծաղիկներ խոնարհեցին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ։
Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին նաեւ ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ։
