Պարետ Մարոնեանի՝ եզիտիներու ցեղասպանութեան մասին ժապաւէնը Գանատայի մէջ արժանացած է գլխաւոր մրցանակին 

  • by WesternArmenia, November 02, 2026 in Արմէնոսիդ
115 դիտում

«Էմմի» մրցանակի քառակի դափնեկիր Բարետ Մարոնեանի վաւերագրական ժապաւէնը արժանացած է գլխաւոր մրցանակին՝ Գանատայի Ֆորէսթ Սիթի քաղաքին մէջ կայացած 11-րդ ամենամեայ շարժապատկերի փառատօնին։

«10 Years On: The Genocide of Yazidis» («Տասը տարի անց․ եզիտիներու ցեղասպանութիւնը») ժապաւէնը ճանչցուած է «Լաւագոյն լիամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէն» անուանակարգի յաղթող։

Բարետ Մարոնեան հայկական ծագումով ամերիկացի վաւերագրող է եւ «Armenoid Productions» շարժապատկերի ընկերութեան հիմնադիրը։ Բեմադրիչը յայտնի է պատմական եւ հասարակական բարդ նիւթերու խորքային ուսումնասիրութեամբ։ Անոր ստեղծագործութիւններուն շարքին կ՚առանձնանայ «Ցեղասպանութեան որբերը», «1915-ի կանայք» եւ «Genocide 2.0: Ethnic Cleansing in Artsakh» («Ցեղասպանութիւն 2.0․ էթնիկ զտում Արցախի մէջ») ժապաւէններէն բաղկացած եռագրութիւնը։

2026 թուականի Հոկտեմբերին վերջին ժապաւէնը եւս մրցանակի արժանացած է ԱՄՆ-ի մէջ կայացած «Chagrin Documentary Film Festival» շարժապատկերի փառատօնին՝ յաղթելով «Լաւագոյն ժապաւէն՝ հասարակական իրազեկման» անուանակարգին մէջ։