Պուլկարիոյ մէջ պիտի բացուի զօրավար Անդրանիկին նուիրուած տուն-թանգարանը

  • by WesternArmenia, November 02, 2026 in Լուրեր
135 դիտում

Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքի Կալաթա թաղամասին մէջ աւարտին կը մօտենան հայազգի անուանի զօրահրամանատար եւ ազգային հերոս Անդրանիկ Օզանեանին նուիրուած տուն-թանգարանի բացման նախապատրաստական աշխատանքները։ Թանգարանին մէջ արդէն կ՚իրականացուին յարդարման վերջին աշխատանքները, ինչպէս կը տեղեկացնէ անոր պաշտօնական էջը։

Յիշատակի այս կեդրոնին ստեղծումը խորհրդանշականօրէն կապուած է 1912-1913 թուականներու Պալքանեան առաջին պատերազմի պատմութեան հետ։ Այդ պատերազմին Անդրանիկ Օզանեան եւ Գարեգին Նժդեհ գործուն մասնակցութիւն ունեցած են՝ պուլկարական բանակին կազմին մէջ Օսմանեան կայսրութեան դէմ մարտնչելով։

Ցուցաբերած քաջութեան համար Անդրանիկ Օզանեան ստացած է սպայական կոչում, Պուլկարիոյ քաղաքացիութիւն եւ ցմահ կենսաթոշակ։ Բացի այդ, զօրավարը պարգեւատրուած է Պուլկարիոյ բարձրագոյն պետական պարգեւով՝ «Արիութեան ոսկեայ խաչ»-ով, ինչպէս նաեւ երրորդ եւ չորրորդ աստիճանի արծաթեայ խաչերով։