2026 թուականի Հոկտեմբեր 30-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի (ԱՍԱԼԱ) մարտիկ Վազգէն Սիսլեանի ծննդեան 70-ամեակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկ մը։
Ձեռնարկը պիտի սկսի ժամը 17։00-ին՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան գրասենեակի մեծ դահլիճին մէջ, Ագաթանգեղոսի 2/2 հասցէով։ Մուտքը՝ երրորդ յարկէն։
Կազմակերպիչները սիրով կը հրաւիրեն բոլոր փափաքողներուն՝ ներկայ գտնուելու յոբելենական ձեռնարկին եւ իրենց մասնակցութեամբ արժեւորելու Վազգէն Սիսլեանի անցած ուղին ու անոր դերակատարութիւնը ազգային-ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ։
