
Տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ազգային ժողովի Վետերաններու եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական, հասարակական ու համայնքային կազմակերպութիւններու յանձնաժողովի անդամ, Հայ վետերան ազատամարտիկներու եւ համախոհներու ազգային ասոցիացիայի նախագահ եւ Արեւմտեան Հայաստանի դրօշակիր Վրէժ Աբրահամեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Վրէժ Աբրահամեան երկար տարիներ իր գործունէութիւնը նուիրած է ազգային, հասարակական ու հայրենասիրական աշխատանքներուն՝ աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակական կեանքին։
