Հոկտեմբեր 25-ին Հայերու ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելած են ֆրանսական երկու պատուիրակութիւններ՝ Լիոնի մեդրոբոլիայէն եւ Իլ տը Ֆրանս շրջաններէն։
Լիոնի մեդրոբոլիոյ պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր միջազգային յարաբերութիւններու եւ զբօսաշրջութեան հարցերով փոխնախագահ Օլիվիէ Արուժոն։
Իլ տը Ֆրանս շրջանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին էկոլոգիական անցման, կլիմայի եւ կենսաբազմազանութեան հարցերով փոխնախագահ Եան Վերլինկը, Եւրոպական եւ միջազգային ռազմավարութիւններու վարչութեան գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Սեդրիկ Կիյոն-Լաւոկան, ինչպէս նաեւ շրջակայ միջավայրի, գիւղատնտեսութեան, գիւղական հարցերու եւ էկոլոգիական անցման վարչութեան տնօրէնի տեղակալ Մակալի Շարմէն։
Պատուիրակութիւններուն անդամները յարգանքի տուրք մատուցած են Հայերու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
