Ֆրանսայի էկոլոգիական անցման, կենսաբազմազանութեան եւ կլիմայի ու բնութեան միջազգային բանակցութիւններու նախարար Մոնիք Պարպյու, Հոկտեմբեր 29-ին, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ֆլորիան Էսքիւտիէի ընկերակցութեամբ այցելած է Հայերու ցեղասպանութեան յուշահամալիր։
Պատուիրակութեան ղեկավարը անմար կրակին մօտ ծաղկեպսակ զետեղած եւ յարգանքի տուրք մատուցած է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Յուշահամալիրի ներկայացուցիչները հիւրերուն ներկայացուցած են նաեւ Յուշապատին պատմութիւնը՝ յատկապէս անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան օգտին հանդէս եկած օտարազգի գործիչներ Անատոլ Ֆրանսի եւ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէի գործունէութեան։
Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելած է Հայերու ցեղասպանութեան ազգային կեդրոն, ծանօթացած մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։ Այցի աւարտին Մոնիք Պարպիյու գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։
Հայերու ցեղասպանութեան ազգային կեդրոնի տնօրէնի պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշճեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան համար եւ նախարարին նուիրած Հայերու ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը։
