ԱՄՆ-ի «George School» դպրոցի աշակերտները այցելած են Հայերու ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ

  • by Editbeglari, July 13, 2026 in Արմէնոսիդ
96 դիտում

Հայերու ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը Յուլիս 8–11-ը հիւրընկալած է ԱՄՆ-ի Փենսիլվանիա նահանգի George School դպրոցի աշակերտները՝ «Genocide Education Project» ծրագիրի համագործակցութեամբ կազմակերպուած ամառնային դպրոցի ծիրին մէջ։

Ասիկա առաջին դէպքն էր, երբ ԱՄՆ-էն ժամանած բարձրագոյն դասարանի աշակերտներ Հայերու ցեղասպանութեան նիւթով կրթական ծրագիրի շրջանակին մէջ այցելած են թանգարան-հիմնարկ։ Չորս օրերու ընթացքին անոնք մասնակցած են դասախօսութիւններու եւ կրթական այցելութիւններու՝ ուսումնասիրելով Հայերու ցեղասպանութեան պատմութիւնը, զանգուածային բռնութիւններու ժամանակ քարոզչութեան եւ լրատուամիջոցներու դերը, վերապրողներու վկայութիւններուն նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ Աւրորա Մարտիկանեանի կեանքն ու «Հոգիներու աճուրդը» («Auction of Souls») ֆիլմը։

Ծրագիրի ընթացքին աշակերտները այցելած են նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Մատենադարան եւ Հայաստանի շարք մը պատմամշակութային վայրեր՝ ծանօթանալով երկրի հարուստ պատմական ու մշակութային ժառանգութեան։

Թանգարան-հիմնարկին մէջ ընդգծած են, որ նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր դեր ունին ցեղասպանութիւններու մասին կրթութեան զարգացման, պատմական յիշողութեան պահպանման եւ երիտասարդներու մօտ մարդու իրաւունքներու գիտակցութեան ամրապնդման գործին մէջ։