Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խօսնակի ելոյթը

  • by Editbeglari, April 10, 2025 in Լուրեր
428 դիտում

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խօսնակ Էլյա Դավթեանը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ՝ ներկայացնելով կառավարութեան շաբթական ամփոփագիրը։ Ան ընդգծեց, որ քննարկուած հարցերը կը վերաբերին ոչ միայն կառավարութեան աշխատանքներուն, այլեւ Արեւմտեան Հայաստանի հայ բնակչութեան իրաւունքներուն։

Կարեւոր նիւթերէն էր Զուիցերիայի մէջ կայանալիք համաժողովը, որուն ընթացքին կը քննարկուի Արցախահայութեան վերադարձի հարցը։ Ան վերահաստատեց՝ միջազգային հարթակներուն մէջ կը շարունակուին ջանքերը՝ պաշտպանելու արցախցիներու իրաւունքները։

Խօսնակը նաեւ անդրադարձաւ Arte հեռուստաընկերութեան քարտեզին, ուր կը բացակային Արեւմտեան Հայաստանը, Արեւելեան Հայաստանը եւ Արցախը՝ նշելով, որ միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք է ճանչնան եւ պաշտպանեն բնիկ հայերու իրաւունքները։

 «Մենք կը շարունակենք մեր պայքարը՝ յանուն մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան», – ըսաւ Էլյա Դավթեանը։