Արևմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան խօսնակ Էլյա Դավթեանը հանդէս եկեր է շաբթական ամփոփմամբ՝ ներկայացնելով Կառավարութեան կողմէ վերջին օրերուն իրականացուած հիմնական աշխատանքներն ու քննարկուած առաջնահերթ հարցերը։
Ամփոփման մէջ նշուեր է, որ Կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոն կը մնան Արևմտեան Հայաստանի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ազգային շահերու առաջմղումն ու մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը։ Այս համատեքստին մէջ կարևորուեր է արևմտահայերէնի լեզուաբանական առանձնայատկութիւններու խոր ուսումնասիրութիւնն ու գործնական կիրառութեան խթանումը։ Խօսնակը շեշտեր է, որ արևմտահայերէնը կը դիտարկուի նոյնքան կենսական, որքան արևելահայերէնը՝ որպէս ազգային ինքնութեան պահպանման և վերամիաւորման գործընթացի հիմնասիւն։
Շարունակուեր են քննարկումները Արցախի հարցի շուրջ։ Կառավարութեան խօսնակը վերահաստատեր է, որ Արցախի հարցը պէտք է դիտարկուի ոչ միայն տարածքային իրաւունքի, այլև արցախահայութեան՝ որպէս բնիկ ժողովուրդի, ինքնորոշման և պատմական հայրենիք վերադառնալու իրաւունքի համատեքստի մէջ։ Կառավարութիւնը վճռական կը շարունակէ իր աջակցութիւնն այս գործընթացներուն՝ միջազգային հարթակներուն մէջ ներկայացնելով արցախահայութեան արդար պահանջները։
Բացի այդ, խօսնակը յայտներ է, որ ընթացքի մէջ են կազմակերպչական աշխուժ աշխատանքներ՝ շարք մը խորհրդանշական միջոցառումներու նախապատրաստման ուղղութեամբ։ Անոնք են՝
Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման միջոցառումները՝ նախատեսուած Ապրիլի 24-ին և 27-ին, Արևմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան յիշատակի և ոգեկոչման արարողակարգերու մշակում, որոնք կը կրեն համահայկական ու խորհրդանշական բնոյթ։ Ամփոփման աւարտին խօսնակը նշեր է, որ լոյս տեսեր է «Western Armenia» շաբաթաթերթի հոբելեանական՝ 70-րդ թիւը։ Թերթը կը շարունակէ ընթերցողին ներկայացնել կարևոր և արդիական յօդուածներ՝ նուիրուած Հայկական հարցին, Արևմտեան Հայաստանի պատմութեան, մշակոյթին և քաղաքական զարգացումներուն։
Արևմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան խօսնակը շեշտեր է, որ Կառավարութիւնը կը շարունակէ յետևողական և համազգային ուղղուածութիւն ունեցող աշխատանքները՝ նպատակ ունենալով պաշտպանել հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը, պատմական իրաւունքներն ու ազգային ինքնութիւնը։
