Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը Իսրայէլի խորհրդարանին կը կոչէ ճանչնալ Հայերու ցեղասպանութիւնը

  • by Editbeglari, July 27, 2026 in Արմէնոսիդ
94 դիտում

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը խոր մտահոգութիւն եւ յուսախաբութիւն յայտնած է այն առիթով, որ Հայերու ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ առաջարկուած բանաձեւը դուրս մնացած է Իսրայէլի խորհրդարանին՝ Քնեսեթի քուէարկութեան օրակարգէն։

Պատրիարքարանը իր յայտարարութեան մէջ շեշտած է, որ անընդունելի է, երբ արտաքին քաղաքական ազդեցութիւնները կրնան ներգործել Իսրայէլի ներքին օրէնսդրական գործընթացներուն վրայ։ Յատկապէս մտահոգիչ նկատուած է այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք պատասխանատու են Արցախի աւելի քան 120 հազար հայերու բռնի տեղահանութեան համար, ըստ յայտարարութեան, կրնան ազդեցութիւն ունենալ Քնեսեթի մէջ քննարկուող հարցերուն վրայ։

Յայտարարութեան մէջ վերահաստատուած է, որ Հայերու ցեղասպանութիւնը պատմականօրէն ապացուցուած եւ անժխտելի փաստ մըն է, որուն ճանաչումը պէտք չէ պայմանաւորուի քաղաքական շահերով։ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանը կոչ ուղղած է Իսրայէլին՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Հայերու ցեղասպանութիւնը եւ միանալու այն պետութիւններուն, որոնք արդէն ճանչցած են 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։

Միաժամանակ պատրիարքարանը կրկին կոչ ուղղած է Թուրքիոյ՝ ընդունելու պատմական ճշմարտութիւնը, ճանչնալու Հայերու ցեղասպանութիւնը եւ հրաժարելու անոր ժխտման քաղաքականութենէն՝ շեշտելով, որ իրական եւ տեւական հաշտութիւնը կարելի է միայն պատմական արդարութեան հիման վրայ։