Հայերու ցեղասպանութեան արձագանգը լիբանանեան մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ

  • by Editbeglari, May 20, 2026 in Արմէնոսիդ
101 դիտում

2026 թուականի Ապրիլ 24-ին Հայերու ցեղասպանութեան առիթով լիբանանեան մամուլն ու ընկերային ցանցերը լայն անդրադարձ կատարեցին ոգեկոչման ձեռնարկներուն՝ ընդգծելով թէ՛ պատմական յիշողութեան, թէ՛ Լիբանանի մէջ հայ համայնքի ներկայութեան ու դերակատարութեան կարեւորութիւնը։

Լիբանանի նախագահ Ժոզէֆ Աունի յայտարարութիւնը, ուր ան Հայերու ցեղասպանութիւնը բնորոշած էր իբրեւ «մարդկային ողբերգութիւն», լայն արձագանգ գտաւ լրատուամիջոցներուն մէջ։ Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց Լիբանանի բազմազանութեան եւ համակեցութեան առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներդրումը երկրի արդի զարգացման մէջ։

«Նահար» թերթը հրապարակեց յօդուածներ՝ նուիրուած հայկական ինքնութեան պահպանման խնդիրներուն՝ անդրադառնալով գաղթականութեան մարտահրաւէրներուն։ Թերթը նաեւ լուսաբանեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման արարողութիւնները եւ զրուցեց հայ ազգային գործիչներու հետ։

«Ժումհուրիա» թերթին մէջ լոյս տեսաւ «Յիշողութիւնը իբրեւ արդարութիւն» խորագիրով յօդուած մը, ուր ընդգծուեցաւ պատմական յիշողութեան կարեւորութիւնը՝ իբրեւ արդարութեան պահանջ։

Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ եւ գործակալութիւններ՝ ներառեալ «Ուիքալա Ուաթանիա», «Լիուաա», «Մակազին» եւ այլ աղբիւրներ, տարածեցին հայ երեք կուսակցութիւններու միացեալ յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի պատգամը՝ ուղղուած համայնքին։

Ֆրանսերէն մամուլը, մասնաւորաբար «L’Orient-Le Jour»-ը, անդրադարձաւ Անթիլիասի ձեռնարկներուն՝ շեշտելով նաեւ հայկական մշակութային ինքնութեան պահպանման կարեւորութիւնը։

Ընկերային ցանցերուն մէջ լիբանանցի քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ նոյնպէս յիշատակի գրառումներ կատարեցին։ Ժըպրան Պասիլ նշեց, որ պատմական յիշողութիւնը կարեւոր է ատելութեան կրկնութիւնը կանխելու համար։ Սամի Ժեմայէլ եւ Նետիմ Ժեմայէլ ընդգծեցին ճշմարտութեան եւ յիշողութեան անջնջելիութիւնը, իսկ Սամիր Ժահժահ գրեց պայքարող ժողովուրդներու դիմադրութեան մասին։

Այս արձագանգները կը վկայեն, որ Հայերու ցեղասպանութեան յիշողութիւնը Լիբանանի մէջ կը շարունակէ դիտուիլ ոչ միայն իբրեւ պատմական իրադարձութիւն, այլեւ իբրեւ համամարդկային յիշողութեան եւ արդարութեան խնդիր։