Կիրակի՝ Մայիս 10-ի երեկոյեան, Աթէնքի քաղաքապետարանի Բարեկամութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայերու ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած գեղարուեստական ձեռնարկ մը՝ կազմակերպուած Յունաստանի հայոց միութեան եւ Աթէնքի քաղաքապետարանին համագործակցութեամբ։
Իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը պատուած են Սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան, Յունահայոց թեմի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
Երեկոյին ընթացքին հնչած են հայկական մշակոյթը ներկայացնող երգեր, հայ մեծանուն բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն հատուածներ՝ յունարէն թարգմանութեամբ ասմունքներու ուղեկցութեամբ, ինչպէս նաեւ ներկայացուած են հայկական ազգային պարեր։
Մշակութային յայտագիրով հանդէս եկած են Մկրտիչ Պօղոսեանի ժողովրդական երաժշտական խումբը եւ «ԱՒԵՏԻՍ» հայկական ժողովրդական պարախումբը՝ հայկական մշակոյթի միջոցով հանդիսատեսին փոխանցելով ազգային յիշողութեան, դիմակայութեան եւ վերածնունդի ոգին։
Ձեռնարկի կազմակերպիչները շնորհակալութիւն յայտնած են բոլոր մասնակիցներուն, հիւրերուն եւ աջակցողներուն՝ ընդգծելով, որ նման նախաձեռնութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին պատմական արդարութեան եւ ազգային յիշողութեան պահպանման համար։
