Ստեղծուած է «Հայ Ճամբայ» ռազմահայրենասիրական կազմակերպութիւնը՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ եւ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան հովանիին ներքոյ։ Կազմակերպութեան նախագահն է Վազգէն Սիսլեանը, իսկ հիմնադիրներու կազմին մէջ են Աշոտ Յարութիւնեանը, Նելլի Յարութիւնեանը եւ այլ ներկայացուցիչներ։
Կազմակերպութիւնը կը նախատեսէ իր անդրանիկ հնգօրեայ ճամբարը, որուն պիտի մասնակցի շուրջ 70–75 երիտասարդ։ Ծրագրին մաս կը կազմեն արշաւներ, առաջին օգնութեան եւ անվտանգութեան դասընթացքներ, մարզական եւ հայրենասիրական միջոցառումներ, ռազմավարական պատրաստութիւն, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ կրթական հանդիպումներ։
Ճամբարին նպատակն է երիտասարդներուն մօտ ամրապնդել հայրենասիրական ոգին, կարգապահութիւնը, փոխօգնութեան եւ խմբային աշխատանքի մշակոյթը։
