Ֆրանսայի Իլ-տը-Ֆրանս երկրամասի փոխնախագահ Ստեփան Պոտէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան յուշահամալիր 

  • by Editbeglari, May 25, 2026 in Արմէնոսիդ
111 դիտում

Ֆրանսայի Իլ-տը-Ֆրանս երկրամասի փոխնախագահ Stéphane Beaudet-ի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մայիս 20-ին այցելեց Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Olivier Decottignies-ի ուղեկցութեամբ։

Հիւրերը դիմաւորեց ՀՑԹԻ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան։ ՀՑԹԻ-ի ֆրանսախօս ուղեցոյց Յասմիկ Մարտիրոսեան Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութիւնը առաջնորդեց դէպի Յուշահամալիր՝ ներկայացնելով անոր կառուցման պատմութիւնը։

Պրն. Ստեփան Պոտէ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ, որմէ ետք պատուիրակութեան միւս անդամները ծաղիկներ խոնարհեցին անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։

Այնուհետեւ հիւրերը մօտեցան Յուշապատին, ուր զետեղուած են Հայերու ցեղասպանութեան դէմ բողոքի ձայն բարձրացուցած շարք մը մտաւորականներու, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու գերեզմաններէն բերուած հողով լեցուն փոքր սափորներ։ Ուղեցոյց Յասմիկ Մարտիրոսեան հիւրերուն ներկայացուց անոնց պատմութիւնները՝ յատուկ ուշադրութեան հրաւիրելով ֆրանսացիներ Anatole France-ի եւ Louis Dartige du Fournet-ի հայանպաստ գործունէութեան վրայ։

Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ նաեւ Հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, իսկ այցելութեան աւարտին պրն. Ստեփան Պոտէ գրառում կատարեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։