Արցախի մէջ անկախ դիտորդներու բացակայութեան պայմաններուն չկայ փոխհրաձգութեան խնդիրները կարգաւորելու մեխանիզմներ. HRW-ի զեկոյց

  • by Éditeur, January 15, 2022 in Հասարակութիւն
538 դիտում

Միջազգային համաշխարհային հանրութիւնն ու յատկապէս մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մանդատ ունեցող միջազգային կառոյցները պէտք է վճռական քայլերով նպաստեն՝ հայատեացութեան ու թշնամանքի դատապարտելի քարոզչութիւնը կանխելուն»։

2020 թուականի զինադադարը դադարեցուց վեց շաբաթուայ պատերազմը Արցախի եւ անոր շրջակայքին, սակայն պարբերական փոխհրաձգութիւնները հետպատերազմեան շրջանին կը ստեղծեն անկայուն իրավիճակ, կը պնդէ HRW-ը:

Ըստ հրապարակման՝ ռազմական գործողութիւններու շարունակուող դէպքերը կը սպառնան Արցախի գիւղերուն եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով բնակուող  հայկական կողմի խաղաղ բնակիչներու անվտանգութեանը։ Իր զեկոյցին մէջ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կը փաստէ՝ Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակեն կալանքի տակ պահել եւ դատապարտել տարբեր ժամկէտներով ազգութեամբ հայ կալանաւորներու։ Բազմաթիւ հայ ռազմագերիներ ենթարկուած են դաժան եւ արժանապատուութիւնը նուաստացնող վերաբերմունքի եւ խոշտանգումներու:

Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան այս տարուայ Հայաստանին վերաբերող զեկոյցը: