Աւստրալիայի յունական եւ կիպրական համայնքները կառավարութեանը կոչ ուղղած են ընդուելու Օսմանեան Կայսրութեան իրականացուցած ցեղասպանութիւնները

  • by Éditeur, January 18, 2022 in Հասարակութիւն
621 դիտում

Աւստրալիայի Վիկտորիա նահանգի եւ Մելպուրն քաղաքի յունական եւ կիպրական համայնքներու նախագահները, Աւստրալիայի պոնտական ասոցիացիաներու դաշնութեան նախագահներու աջակցութեամբ նամակ ուղարկած են երկրի վարչապետին՝ կոչ ուղղելով կառավարութեան պաշտօնապէս ընդունիլ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան կողմիէ հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ իրագործուած  ցեղասպանութիւնները։ 

Ինչպէս յայտնած է Neoskosmos-ը, այս կը յաջորդէ 2021 թուականի Նոյեմբերի 29-ին Ներկայացուցիչներուի պալատի կողմէ միաձայն ընդունուած միջնորդութեանը, անով կոչ ուղղուած էր կառավարութեանը պաշտօնապէս ընդունել այս ցեղասպանութիւնները։

Համայնքներու նախագահները նամակին մէջ պնդած են, որ 2021 թուականի դրութեամբ աշխարհի 31 երկիր ընդունած է այդ ցեղասպանութիւնները։

Նամակին մէջ նշուած է՝ «ժամանակն է, որ Աւստրալիայի կառավարութիւնը նոյնպէս պաշտօնապես ընդունի այս ցեղասպանութիւնը»:

Կոչը փոխանցուած է նաեւ արտաքին գործերու նախարար Մարիզ Փեյնին եւ այլք: