
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը եւ Ֆրանսիայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները Փարիզի «Cercle de l’union interalliée»-ի մէջ հանդիպած են Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին խօսած են Ֆրանսիայի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումներու մասին։
