
Ատրպէյճանի շարունակական թշնամանքը, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ տարածքային նկրտումներն ու բռնութեան հրահրման քաղաքականութիւնը կ’ապակայունացնեն իրադրութիւնը տարածաշրջանին մէջ: ՄԱԿ-ին նման բովանդակութեամբ նամակ յղած է ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Մհեր Մարգարեան: Նամակը Մարտի 21-ին հրապարակուած է որպէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի եւ Գլխաւոր համախմբման պաշտօնական փաստաթուղթ:
«Ատրպէյճանի թշնամական վարքը եւ զաւթողական ծաւալապաշտական հռետորաբանութիւնը հերթական անգամ ցոյց կու տան անոր մտադրութիւնը՝ շարունակելու առաջանալ թշնամանքի ուղիով եւ օգտագործել տարածքային նկրտումները՝ որպէս նոր ռազմական գործողութիւններու պատրուակ», – նշուած է նամակին մէջ:
Մհեր Մարգարեան նաեւ շեշտած է, որ նախկին յանցագործութիւններուն համար անպատժելիութիւնը պարարտ հող նախապատրաստած է հայատեացութիւնն Ատրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով խրախուսելու համար:
ՄԱԿ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչը նաեւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման, այդ թուին՝ Նախիջեւանի, Արցախի գրաւուած տարածքներուն մէջ: Վկայակոչուած է հայկական եկեղեցիներու եւ Հին Ջուղայի աւելի քան 5000 խաչքարերու բարբարոսական ոչնչացումը:
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը հարկ կը համարէ յիշեցնել,որ բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ Պաքուի վայրագ իշխանութիւններուն կողմէ կիրառուող վանդալիզմի քաղաքականութեան առաջին անգամ անդրադարձած են Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան եւ Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի տնօրէն Սամուէլ Կարապետեան, դեռևս 20.. դիմելու
