Արցախի մանրատեղանունները․ Խոխանաբերդ

  • by Éditeur, March 28, 2023 in Արդիական Պատմութիւն
967 դիտում

Թագաւորազն Վախթանգ Մեծէն (Վախթանգ Ա. կամ Սակառ) կը սերին ինչպէս Հայթերքի եւ Ծարի (Վայկունիք) տէրերը, նոյնպէս եւ Խոխանաբերդի Վախթանգեանները։

Խոխանաբերդը կը գտնուի Գանձասարէն հարաւ, Խաչէնագետի աջ ափին, բարձր բլուրի վրայ։ Մեծ Առանքի մէջ Խոխանաբերդն էր իշխանանիստ կեդրոնը եւ անոր պայազատներն իրենց տիրապետութիւնր կը շեշտեն “տէր Խոխանաբերդոյ” անունով։

Առան Արցախի եռաճիւղ իշխանութեան մէջ, եռեակի փոխյարաբերութիւններուն մէջ որեւէ բարդութիւն չէր ծներ։ Հայրենիքին մէջ տիրող իրավիճակէն ելլելով, գահերէց կը դառնային միայն ժառանգական իրաւունքով, քաղաքական ու ռազմագիտական կարողութիւններու առանձնաշնորհով։ Եւ, միւսերը պարզապէս կ’ենթարկուէին իրենց մէջ առաւել շրջահայեաց ու քաջամիտ իշխանին։