Հայերու հարուստ պատմութիւնը Նիդերլանդներու եւ Պելկիոյ մէջ 

  • by Editbeglari, February 20, 2024 in Հին Պատմութիւն
552 դիտում

Հայ վաճառականներն առաջին անգամ Նիդերլանդներու եւ Պելկիոյ մէջ յայտնուեցան 12-րդ, 13-րդ եւ 14-րդ դարերուն, երբ հոլանտացի վաճառականները ժամանեցին Կիլիկիա, իսկ ցածր  երկրներու մէջ բացուեցան հայկական տուրեւառին տուներ։ Հայերը գորգեր, ներկանիւթեր, բամբակ եւ համեմունքներ կը բերէին Հայաստանէն։ Հայերը յիշատակուած են Բրիւգե քաղաքին մէջ, որը ժամանակին հոլանտական նավահանգիստ էր XII դարուն։ Աւելի ուշ՝ 1345 թուին հայերուն թոյլատրուած է գորգեր վաճառիլ Բրիւգեին եկեղեցիին դիմաց։ 1478-ին հայերը այդ քաղաքին մէջ հիմնած են «Ազգային Հոսթել» հոսփիս: Նաեւ Բրիւգեին մէջ հայ վաճառականներն ունէին իրենց տուրեւառի կեդրոնները, որտեղ արեւելքէն կը ներկրէին բամբակեա իրեր, համեմունքներ, օծանելիք եւ այլ նիւթեր, իսկ  եւրոպական ապրանքները կ՚արտահանէին արեւելեան շուկաներ։ Անոնց ներկայութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ 15-րդ դարը, մինչեւ Բրիւգեն կորցոյց իր կարեւորութիւնը՝ որպէս տուրեւառի  նավահանգիստ: