Հրանտ Քենքուլեան, որն առաւելապէս յայտնի է Ուդի Հրանտ մականուամբ, վիրտուոզ ուդահար էր (ուդն արեւելեան լարաւոր-կսմիթային նուագարան է)։ Անոր ժամանակակից մեկնաբանութիւններն ու կատարողական ոճը հարատեւ ազդեցութիւն են թողէր ուդահարներու հետագայ սերունդներու վրայ։
Քենքուլեան ծնուած է 1901թ.։ Կեանքին վաղ տարիներուն իր ընտանիքին հետ միասին ան յաճախակի տեղափոխուած տեղէն մը միւսը՝ փորձելով խուսափիլ Հայոց ցեղասպանութեան զոհը դառնալէն։ Ընտանիքը, ի վերջոյ, ապաստանած է Կոստանդնուպոլսին մէջ, որտեղ անոր ուսուցիչն է դարձած ժամանակի հայ նշանաւոր ուդահարներէն մէկը։
Թեպետ ան իր ապրուստը կը վաստակէր Թիւրքիոյ մէջ նուագելով՝ իրական ճանաչում ան ձեռք կը բերէ միայն Միացեալ Նահանգներ կատարած ուղեւորութեան արդիւնքը, ինչէն ետք անոր հռչակը գնալով կ՚աճէ։ Թիւրքիոյ մէջ անոր անունը քաջ յայտնի էր ազգային երաժշտութեան սիրահարներու շրջանը։ Ան կ՚երգէր ինչպէս հայերէն, այնպէս ալ թիւրքերէն, եւ լայն լսարան ունէր հայախօս, թրքախօս եւ յունախօս համայնքներու շրջանը։ Աւելորդ է ըսիլ, որ հայ երաժիշտին համար Թիւրքիոյ մէջ նման ժողովրդականութիւն վայելիլն առանձնակի բացառութիւն էր, յատկապէս, երբ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու մեծամասնութիւնը ոչ վաղ անցեալը բնաջնջուած էր հայրենի տարածքներու մէջ։
Ան շարունակած է հանդէս գալ ինչպէս տեղական, այնպէս ալ միջազգային ասպարեզներու մէջ, տարեց հասակը այցելած է նաեւ Հայաստան։ Հրանտ Քենքուլեան վախճանուած է 1978թ.։ Անոր աճիւնն ամփոփուած է Կոստանդնուպոլիսին Շիշլիի հայկական պատմական գերեզմանատանը։
