Կարինէ Օգանեսեան այն սակավաթիւ ջաւախքցիներէն է, ով կրցած է յաղթայարիլ Արարատին 5137 մետր բարձրութիւնը եւ բիբլիական լերան գագաթին պարզիլ «Ջավախքէն Արարատ» գրութիւնը:
Մեր հերոսուհին դեռ 18 տարեկանէն սկսած է լեռներ բարձրնալ Թռիչք արշաւական ակումբին հետ միասին։ Արարատ լեռ բարձրնալու միտքն ալ առաջացած է անցեալ տարի՝ 2023 թուականի Օգոստոսին, բայց իրականութիւն է դարձնած 2024 թուականի Օգոստոս ամսին: Կը նշէ՝ մտահոգութիւններ, իհարկէ եղած են, սակայն ատոնք անոր չեն խանգարէր բարձրնալ Արարատին գագաթը։
Զգացողութիւներու մասին խօսելիս Կարինէ կը նշէ․ «Ամէնէն սիրուն էմոցիաններն են՝ եւ գագաթին, եւ վերելքին ընթացքը, ամէն պահը կը փորձես զգալ, զգացի լավ մարդոց աջակցութիւնը եւ ինքս իմ վախերուս ու մտքերուս յաղթելու կամք ունեցայ»:
19 տարեկան Կարինէ Օգանեսեան Ախալքալաքին շրջանին Սուլդա գիւղէն է:
