Ռեժիսոր Հասմիկ Մովսիսեանի «250 կմ» ֆիլմը, որը կը պատմէ Արցախեան երրորդ պատերազմի ատեն 250 կմ ճանապարհ անցած արցախցի տղայի մասին, ընդգրկուած է «Օսկարի» հաւակնորդներու երկար ցանկի մէջ։
«250 կմ»-ը, նկարահանուած 2022թ.-ին որպէս Հասմիկ Մովսիսեանի դիպլոմային աշխատանք, արժանացած է տասնեակէն աւելի միջազգային մրցանակներու։ Նիւ Յորքի SR Socially Relevant Film Festival New York-ին մէջ ան ստացած է երկու մրցանակ՝ «լաւագոյն կին ռեժիսոր» եւ «լաւագոյն դերասանուհի» անուանակարգերու մէջ։
«Օբերտոն» ընկերութունը, որպէս համարտադրող, կը նշէ ֆիլմի ստեղծագործական թիմի բացառիկ աշխատանքն ու հայ արուեստի միջազգային ճանաչումը։
