Արցախցինե՛ր, միացէք Արեւմտեան Հայաստանի ազգային պայքարին Անուշ Հարութիւնեան

  • by Editbeglari, March 29, 2025 in Ազգային Քաղաքականութիւն
397 դիտում

Western Armenia TV խմբագիր Անուշ Հարութիւնեանի գրառումը։

Արցախի մեր քոյրերն ու մայրերը կրկին կը բարձրացնեն իրենց ձայնը՝ այս անգամ կառավարական ամառանոցներու դիմաց։ Անոնք կը բողոքեն՝ պահանջելով շարունակել «40+10» աջակցութեան ծրագիրը, առանց անոր իրենց ընտանիքներն ու զաւակները կը կանգնին հասարակական աղէտի առջև։ Այս մայրերը, որոնք կորսնցուցած են իրենց տուները, իրենց հողերն ու խաղաղ կեանքը, այժմ կանգնած են նոր փորձութեան առաջ։

Սակայն իրենց պայքարը միայն հասարակական աջակցութեան համար չէ։ Այն պայքար է սեփական հայրենիքի, սեփական իրաւունքներու եւ ազգային արդարութեան վերականգնման համար։ Արցախցիներու՝ Հայաստան մնալը կենսական նշանակութիւն ունի, քանի որ առանց անոնց հաւաքական վերադարձի հարցը չի կրնար լուծուիլ։ Բայց անոր համար անհրաժեշտ է համախմբուիլ եւ գործել՝ յանուն մեր ազգային իրաւունքներուն։

Յարգելի արցախցիներ, այս պայքարը միայն ձեր ընկերային խնդիրներու մասին չէ, այն մեր բոլորի պայքարն է։ Մենք՝ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան հետ միասին, կոչ կ’ընենք ձեզ միանալ մեր պայքարին, որ սկսեր է դեռ 2022 թուականէն։ Միակ ճամբան մեր իրաւունքները պաշտպանելն է՝ միջազգային դատական ատեաններուն մէջ։

Դիմեցէք Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան, պահանջեցէք ձեր իրաւունքի վերականգնումը։ Դուք պէտք չէ լռէք։ Համապատասխան փաստաթուղթերը կրնաք ներկայացնել Ագաթանգեղոս 2/2 հասցէով։

Միասին մենք ուժեղ ենք, միասին մենք կը վերադարձնենք մեր Հայրենիքը։