Յունիս 13-ին, Շաբաթ օրը, ժամը 13:00-18:00, Երեւանի Ագաթանգեղոս 2/2 հասցէին մէջ պիտի կայանայ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի 3-րդ գումարման 7-րդ լիագումար նիստը։
Նիստի ընթացքին պիտի քննարկուին օրակարգի կարեւոր հարցեր, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուին կատարուած աշխատանքներն ու յառաջիկայ ծրագիրները։
Մասնակցութիւնը բաց է բոլոր հետաքրքրուած անձերուն համար, իսկ մուտքը՝ ազատ։ Անոնք, որոնք չեն կրնար ներկայ գտնուիլ, հնարաւորութիւն պիտի ունենան հետեւելու նիստի ուղիղ հեռարձակման՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական դիմատետրի էջին միջոցով։
