Արցախի բռնի տեղահանութեան մասին ֆիլմը մրցանակ ստացած է Խրուաթիոյ մէջ

  • by Editbeglari, August 19, 2026 in Լուրեր
88 դիտում

Ամերիկահայ բեմադրիչ եւ հեռուստահաղորդավարուհի Դիանա Մեդիսընի «Տունէն աւելի լաւ տեղ չկայ» (There’s No Place Like Home) վաւերագրական ժապաւէնը Խրուաթիոյ միջազգային շարժապատկերի փառատօնին արժանացած է մրցանակի՝ «Լաւագոյն առաջին լիամետրաժ ֆիլմ» անուանակարգին մէջ։

Ֆիլմը կը պատմէ 2023 թուականին Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու մասին՝ ներկայացնելով անոնց անձնական պատմութիւնները, կորուստը, գոյատեւման պայքարը եւ հայրենիքէն հեռանալէ ետք «տուն» հասկացութեան նոր իմաստի որոնումը։