Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը հրապարակած է «Բռնազաւթուած տարածքներու մասին» օրէնքի նախագիծը: Օրէնքի նախագիծը կը սահմանէ 1991-1994 եւ 2016 թուականներուն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ 2020 թուականին Թուրքիայի Հանրապետութեան եւ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու անմիջական մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած ռազմական յարձակման հետեւանքով բռնազաւթուած տարածքներու իրաւական կարգավիճակի եւ անոնց վրայ տարածուող իրաւական յատուկ ռեժիմի, պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, կազմակերպութիւններու գործունէութեան առանձնայատկութիւններու, մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներու եւ ազատութիւններու, ինչպէս նաեւ իրաւաբանական անձանց իրաւունքներու եւ շահերու պահպանութեան ու պաշտպանութեան հետ կապուած յարաբերութիւնները:Նախագիծին կարելի է աւելի մանրամասն ծանօթանալ հետեւեալ հղումով:
Արցախի ԱԺ-ն հրապարակած է «Բռնազաւթուած տարածքներու մասին» օրէնքի նախագիծը
- by Éditeur, February 07, 2022 in Ազգային Քաղաքականութիւն
635
դիտում
