Փետրուարի 8-20-ը տեղի պիտի ունենայ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի աշխատանքային առաջին այցը Ֆրանսիայ

  • by Éditeur, February 11, 2022 in Հասարակութիւն
634 դիտում

Յարգելի´ գործընկերներ, հայրենակիցներ,

Կը տեղեկացնենք Ձեզի, որ ս.թ. Փետրթւարի 8-20-ը տեղի պիտի ունենայ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի աշխատանքային առաջին այցը Ֆրանսիայ:

Այս առիթով, ս.թ. Փետրուարի 11-ին` երեկոյեան ժամը 18.00-ին Յանձնակատարի գրասենեակը կազմակերպած է հանդիպում ֆրանսիայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ Փարիզի մէջ (վայրը՝ Cercle de l’Union Interalliée / հասցէն՝ 33, rue du Faubourg Saint-Honoré 75008 Paris, France):

Գլխաւոր յանձնակատարի այցի նպատակն է ծանօթանալ հայկական համայնքին, ինչպէս նաեւ՝

– ներկայացնել Յանձնակատարի գրասենեակի կողմէ իրականացուած ծրագիրները

– ծանօթնալ խնդիրներուն եւ քննարկել անոնց հնարաւոր լուծման ուղիները

-ծանօթանալ հայկական միութիւններու կողմէ իրականացուած ծրագիրներուն եւ գործունէութեան

-քննարկել հայկական միութիւններու հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւններն ընդլայնելու հարցերը

Սիրով կը հրաւիրենք Ձեզի մասնակցելու հանդիպմանը: