Ֆրանսացի խորհրդարանականներն Արեւմուտքին կոչ ուղղած են կանգնեցնել Թուրքիան

  • by Éditeur, August 03, 2022 in Միջազգային Քաղաքականութիւն
796 դիտում

Ֆրանսայի մէջ խումբ մը խորհրդականներ դէմ արտայայտուած են Թուրքիոյ հնարաւոր ռազմական գործողութիւններուն Սուրիոյ քրտական ուժերուն դէմ, զորս Անգարա կը համարէ ահաբեկչական ուժեր։

Ֆրանսայի խորհրդարանի 102 պատգամաւորի կողմէ հրապարակուած  «Էրտողանի խելագարութեան վերջ պիտի դրուի» յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիա կը փորձէ օգտուիլ իր ունեցած դերակատարութենէն Ուքրանիոյ  հարցին մէջ եւ համոզել ՆԱԹՕ-ն Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւն սկսելու համար:

«Արեւմուտքը պէտք է կանգնեցնէ Թուրքիան եւ թոյլ չտայ, որ մեր դաշնակից Սուրիոյ քրտական ուժերը ենթարկուին յարձակման»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: