Եւրոպական Միութիւնը  կոչ կ’ուղղէ Լաչինի եւ այլ հատուածներու մէջ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները

  • by Éditeur, August 05, 2022 in Միջազգային Քաղաքականութիւն
744 դիտում

Եւրոպաական Միութիւնը Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ’ուղղէ Բերձորի եւ շփման գիծի այլ հատուածներուն մէջ դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ վերադառնալ բանակցութիւններու։ Յայտարարութիւնը հրապարակուած է ԵՄ-ի պաշտօնական կայքին։ «Ցաւօք, այդ բախումներն արդէն յանգեցուցած են զոհերու եւ վիրաւորներու։ Շատ կարեւոր է հասնիլ իրավիճակի անելանելիութեան, պահպանել հրադադարի ռեժիմը եւ վերադառնալ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ՝ համաձայնեցուած լուծումներ գտնելու համար»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ։ Նշուած է նաեւ, որ ԵՄ-ը նախկինին պէս հաւատարիմ է Հարաւային Կովկասին մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման գործին մէջ լարուածութեան յաղթահարման աջակցելու գործին:

Արեւմտեան Հայաստանը կը պահանջէ Ատրպէյճանի ռազմական ղեկավարութենէն վերջ տալ սադրիչ գործողութիւններուն եւ դադրեցնել  հայկական խաղաղ բնակավայրերու ռմբակոծումը։