https://www.facebook.com/peopleofar/videos/1301689417672664
Մեծ կայսրութիւններու մէջ գոյութիւն ուներ աննկատ ստուեր մը, բայց հզոր թագաւորութիւն՝ Ուրարտուն, որը դարերու ընթացքը դարձաւ անօրինակ ոյժի եւ նորարարութեան խորհրդանիշ:
Հիմնուած մ.թ.ա. 9-րդ դարը, Ուրարտուն ոչ միայն թագաւորութիւն էր, այլեւ անառիկ բերդերու եւ մշակոյթի կեդրոն՝ փայլուն կերպով ցուցադրելով իր ժողովուրդի մեծարժէք ստեղծագործական ոգին: Տուշպային մէջ՝ ժամանակակից Վան քաղաքին քով, ուրարտացիները կը կառուցէին ամրոցներ, որոնց մէջ կը կիրառուէին քարե ճարտարապետութեան ժամանակակից լուծումներ՝ ատ դարաշրջանի համար իսկապէս առաջադէմ եւ աննախադէպ երեւոյթ։
Թշնամութիւն ունենալով Ասորեստանի նման հզոր հարեւանի հետ, ուրարտացիները դարեր շարունակ կը պայքարէին կայսրութիւններու ոյժերու դէմ՝ աներեր պահպանելով իրենց անկախութիւնն ու ինքնութիւնը: Սակայն ժամանակի ընթացքը թագաւորութեան փառքը մոռացուեցաւ, աւերակները թաղուեցան հողին մէջ, եւ ուրարտացիներու յիշատակը դադարեց գոյութիւն ունենալ պատմական աղբիւրներու մէջ:
Միայն 19-րդ դարի հնագիտական յայտնագործութիւններու շնորհիվ Ուրարտուի գաղտնիքները նորէն բացայայտուած են՝ բացելով աս հնագոյն թագաւորութեան առեղծուածային էջերը: Իսկ վերջին տարիները իրականացուած գենետիկական հետազոտութիւնները կ՚ապացուցեն, որ ժամանակակից հայերը ուրարտացիներու ամէնամոտ ժառանգներն են: Harvard AADR տուալներու բազայի եւ G25 վերլուծութեան համաձայն՝ հայերն ունին ուրարտացիներու հետ ամէնամօտ գենետիկական կապը:
Այսօր, երբ ուսումնասիրութիւնները նօր լոյս կը սփռեն Ուրարտուի անցեալի վրայ, նոր ուժգնութեամբ կ՚ամրապնդուի այն գաղափարը, որ աս հզոր թագաւորութիւնը սերտորէն կապուած է հայ ժողովուրդի հետ: Հնագիտական բացայայտումները եւ գենետիկական վերլուծութիւնները միասին կը վերակենդանացուն Ուրարտուի փառահեղ պատմութիւնը՝ ան դարձնելով ժամանակակից հայերու ինքնութեան անբաժանելի մաս մը:
Ուրարտուի ժառանգութիւնը կը վկայէ ոչ միայն հայ ժողովուրդի հնագոյն արմատներու մասին, այլեւ կը հաստատէ անոնց իւրայատուկ մշակութային եւ քաղաքակրթական աւանդը աշխարհի պատմութեան մէջ:
