Պոլսահայ տպագրութեան ժառանգութիւնը՝ նոր լոյսի ներքոյ

  • by Editbeglari, August 12, 2026 in Ժառանգութիւն
81 դիտում

Օգոստոս 7-8-ին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ կայացած է «Կոստանդնուպոլսոյ հայ տպագրիչները» միջազգային աշխատաժողովը։ Մասնագէտները ներկայացուցած են պոլսահայ տպագրիչներու, տառաստեղծներու եւ նկարազարդողներու կարեւոր ներդրումը Օսմանեան կայսրութեան եւ տարածաշրջանին տպագրական մշակոյթի զարգացման գործին մէջ։

Առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձուած է Պօղոս Արապեանի եւ Յովհաննէս Միւհենտիսեանի նորարարութիւններուն, հայատառ թրքերէնին, վիմագրութեան եւ Ստեփան Ակայեանի ստեղծագործական ժառանգութեան։

Աշխատաժողովին յաջորդած ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են 19-րդ դարու հազուագիւտ բազմալեզու հրատարակութիւններ՝ ընդգծելով պոլսահայ տպագրութեան կարեւոր տեղը համաշխարհային գրատպութեան պատմութեան մէջ։