Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովը քննարկած է «Հայ Ճամբայ» ռազմահայրենասիրական ճամբարի արդիւնքները

  • by Editbeglari, August 20, 2026 in Լուրեր
85 դիտում

2026 թուականի Օգոստոս 19-ին տեղի ունեցած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի 29-րդ նիստը՝ Նելլի Յարութիւնեանի նախագահութեամբ։ Նիստին առցանց ձեւաչափով մասնակցած է 14 պատգամաւոր։

Նիստի գլխաւոր հարցերէն մէկը «Հայ Ճամբայ» ռազմահայրենասիրական ճամբարի արդիւնքներու ներկայացումն էր։ Նշուած է, որ հնգօրեայ ճամբարի ընթացքին պատանիները մասնակցած են հայրենասիրական եւ ռազմական պատրաստութեան տարբեր միջոցառումներու։ Ճամբարի ընթացքը յառաջիկային պիտի ամփոփուի նաեւ կարճ ֆիլմով՝ ներառելով հարցազրոյցներ եւ ճամբարային առօրեան ներկայացնող տեսանիւթեր։

Խորհրդարանի անդամները բարձր գնահատած են նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով երիտասարդ սերունդի հայրենասիրական դաստիարակութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան վերաբերեալ գիտելիքներու կարեւորութիւնը։

Նիստին անդրադարձ եղած է նաեւ Կիլիկիոյ անկախութեան եւ Սեւրի դաշնագրի վաւերացման նիւթերով կազմակերպուած առցանց հանդիպումներուն, անոնց ընթացքին եւ արդիւնքներուն։

Նիստը ամփոփած է Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Նելլի Յարութիւնեան։